
Առաջին անգամ պարկապզուկի պատկեր գտնուած է Արեւմտեան Հայաստանի Այնթապ քաղաքին մօտ գտնուող պալատի պատի քադակին մէջ՝ Ն.Ք. 1300 տարի առաջ։ Նուագարանի ծագման, պատրաստող վարպետներուն եւ նուագողներուն մասին մեզի հասած տեղեկութիւնները շատ կցկտուր են։ Հայերէնի մէջ այս նուագարանն ունի քանի մը անուանում՝ պարկապզուկ, պկու, տիկ, տկճոր։
17-րդ դարու ձեռագիրի մը մէջ պահպանուած է պարկապզուկ նուագող կնոջ պատկեր։ Այդ նկարը կը հաստատէ, որ միջնադարուն եղած են նաեւ կին նուագածուներ։
Պարկապզուկը հնագոյն ժամանակներէն հայոց կենցաղի անբաժանելի մասը եղած է։ Այդ մէկուն մասին վկայութիւններ կան Ագաթանգեղոսի, Փաւստոս Բուզանդի, Մովսէս Խորենացիի, Եղիշէի, Սեբէոսի, Գրիգոր Նարեկացի եւ երաժիշտ-բանաստեղծներու ձեռագիրներուն մէջ։ Պարկապզուկը տակաւին վաղ աւատատիրական ժամանակներէմ եղած է շրջիկ երաժիշտներու մենաշնորհը։ Պարկապզուկ նուագողները ծիսական արարողութիւններու, հարսանիքներու եւ ժողովրդական տարբեր տօնախմբութիւններու սպասուած ու ցանկալի մասնակիցը եղած են։
Ցեղասպանութենէն եւ գաղթէն ետք, որբ հայերը տարագրուեցան այլ երկիրներ, իրենց մշակոյթը տարածելով հայկական տարագիր համայնքերու մէջ եւ մեծաւ մասամբ պահպանեցին ազգային ու ծիսական կարեւոր սովոյթները, որոնք մինչեւ օրս ալ աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ կը փոխանցուին սերունդէ սերունդ։