Արեւմտեան Հայաստանի Սղերթ քաղաքն այլ անուններ չունի։ Սակայն կը յիշատակուին նոյն անուան շարք մը տարբերակներ՝ Սղերտ, Սիիրթ եւ այլն։ Սովորաբար միշտ համարուած է քաղաք, թէպէտ այն սոսկ գիւղաքաղաք է։ Կը գտնուի Արեւելեան Տիգրիսի աջակողմեան վտակ Պիթլիս գետի ստորին հոսանքի շրջանին մէջ։ Բարձրութիւնը ծովի մակարդակէն 1100մ է։ Կլիման տաք է եւ ցամաքային։ Յայտնի է իր մրգաստաններով, յատկապէս խաղողով։ 16-18-րդ դարերուն կը մտնէր Տիգրանակերտ նահանգին, իսկ անկէ ետք՝ Պիթլիս նահանգին մէջ։ 

Սղերթը գոյութիւն ունի շատ հին ժամանակներէն։ Անոր հիմնադրումը ոմանք կը կապեն Տիգրան Մեծի անուան հետ։ Աղբիւրներու յիշատակութիւններէն կ’երեւի, որ  բաւական բարգաւաճ քաղաք եղած է նաեւ միջին դարերուն։ Սղերթը 1800-1830թթ. ունէր մօտ 17 հազար բնակիչ, որոնցմէ 10000-ը հայեր էին։ Առաջին համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին այստեղ կար 13000 բնակիչ, որոնցմէ հայերը  6000 էին։ 1895-ի կոտորածի ժամանակ թուրքերը կողոպտած են այստեղի եկեղեցին, առաջնորդարանը եւ դպրոցը, հայ բնակչութեան մեծ մասը բռնութեամբ իսլամացուած, հոգեւորականները՝ կոտորած, կիները՝ անարգած: Իսկ 1915-ի  Ցեղասպանութեան ժամանակ երիտթուրքերը բնաջնջեցին այստեղի հայութիւնը, խնայելով միայն 100 արհեստաւորներ, որպէսզի անոնք աշխատին թուրքերու համար։

Արեւմտեան Հայաստանը միջազգային հանրութեան մշտապէս կը ներկայացնէ այն իրողութիւնները, որոնք տեղի ունեցած են Ցեղասպանութեան տարիներուն եւ անկէ առաջ։ Ասով կարեւորելով այն հանգամանքը, որ ոչ միայն կարեւոր է Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը, այլեւ պահանջատիրութիւնն ու հատուցումը։