ԵՈՒՆԻՍԷՖ-ը  հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, ուր նշուած է․ «Արցախի՝ Բերձորի ճանապարհով մուտքի փաստացի փակումը բացասաբար  կ’անդրադառնայ երեխաներուն վրայ: Որքան երկար տեւէ այս իրավիճակը, այդքան աւելի շատ պիտի տուժեն երեխաները սննդամթերքի եւ տարրական ծառայութիւններու պակասէն, որոնք անհրաժեշտ են իրենց գոյատեւման, առողջ աճին եւ բարեկեցութեան համար: Մինչդեռ շատ երեխաներ զրկուած են նաեւ ծնողական խնամքէ, քանի որ բաժնուած են իրենց ծնողներէն կամ օրինական խնամակալներէն:

ԵՈՒՆԻՍԷՖ կը վերահաստատէ նախորդ պայմանաւորուածութիւններուն համապատասխան Բերձորի ճանապարհով տեղաշարժի ազատութիւնն ու անվտանգութիւնն ապահովելու ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարին կոչը:

Այս չափազանց կարեւոր է ապահովել, որպէսզի Արցախի մէջ երեխաները  պաշտպանուած ըլլան, իսկ մարդասիրական կազմակերպութիւնները կարողանան ապահով եւ արագ հասնիլ կարիքի մէջ գտնուողներուն: ԵՈՒՆԻՍԷՖ կը շարունակէ երկխօսութեան եզրեր փնտռել եւ համագործակցիլ բոլոր դերակատարներուն հետ, որպէսզի հնարաւորութիւն ստանայ մուտք գործել՝ աջակցելու այդ տարածքին մէջ բնակող երեխաներուն»:

Արեւմտեան Հայաստանը դրական կը գնահատէ ԵՈՒՆԻՍԷՖ-ի ջանքերը արցախահայութեան աջակցելու հարցին մէջ, միեւնոյն ժամանակ յիշեցնելով, որ բռնազաւթուած Արեւմտեան Հայաստան ապրող երեխաներու խնդիրները նոյնպէս պէտք է ուշադրութեան կեդրոնը պահել։