2022 թուականի Դեկտեմբերին Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարանը  հաստատեց արցախահայութեան իրաւունքները պաշտպանելու համար դատարան ուղարկուած 3 դիմումները: 

2020թ-ի Սեպտեմբերի 27-ին Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով, Շուշի քաղաքի տեղահանուած ընտանիքները դիմեցին Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութեան՝ մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ իրենց իրաւունքները պաշտպանելու խնդրանքով, լիազօրելով Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմենակ Աբրահամեանին այդ գործը վարելու համար:

Արեւմտեան Հայաստանը կոչ կ’ուղղէ  բոլոր համախոհներուն, մեր երկրի անվտանգութեամբ եւ ապագայով շահագրգիռ քաղաքացիներուն միանալ  Արեւմտեան Հայաստանին մաս կազմող Արցախի  ժողովուրդի իրաւունքները պաշտպանելու պայքարին։