
Հայաստանի Հանրապետութիւնը Ատրպէյճանի դէմ հայց ներկայացուցած է ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարան Ցեղային խտրականութեան վերացման կոմիտէի վարոյթի ծիրին մէջ, նշուած է Արդարադատութեան միջազգային դատարանի տարածած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ:
Հայաստան Հաակայի դատարանին խնդրած է կիրառել հետեւեալ միջանկեալ միջոցները՝ պարտաւորեցնել Ատրպէյճանին դադրեցնել ենթադրեալ «ցոյցեր»ու կազմակերպումը եւ անոնց աջակցութիւնը, որուն հետեւանքով արգելափակուած է Բերձորի ճանապարհով անարգել ազատ տեղաշարժը երկու ուղղութիւններով եւ պարտաւորեցնել Ատրպէյճանին ապահովել Բերձորի ճանապարհով բոլոր մարդոց, փոխադրամիջոցներու եւ բեռի անարգել ազատ տեղաշարժը երկու ուղղութիւններով:
Արեւմտեան Հայաստանը կ’աւելցնէ, որ ոչ միայն պէտք է դատապարտել այդ ճանապարհի միտումնաւոր փակումը, այլեւ Բերձորի բռնազաւթումը Ատրպէյճանի կողմէ, որ հայկական տարածք է, ուր դարեր շարունակ ապրած են բնիկ հայեր: Այս հայաթափման մտածուած ծրագիր է, որ կ’իրագործուի թուրք-ատրպէյճանական դաշինքին կողմէ: