Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորները՝ Ազգային ժողովի նախագահին գլխաւորութեամբ, կը դիմեն ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրներու առաջնորդներ  ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինին, ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընին, Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնին՝ կոչ ուղղելով յստակ գործողութիւններ կիրառել Բերձորի ճանապարհի բացման կամ Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկման ուղղութեամբ: Պատգամաւորներու խօսքին մէջ մասնաւորապէս  նշուած է.

«Արցախը Գորիսի տարածաշրջանին եւ արտաքին աշխարհին կապող միակ ճանապարհը կը շարունակէ փակ մնալ:  Արցախեան հիմնախնդիրը միակ հակամարտութիւնն էր, որուն մասին ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի բոլոր համանախագահող երկրները գրեթէ նոյն տեսակէտն ունէին: Կոչ կ’ուղղենք քաղաքակիրթ աշխարհին, մասնաւորապէս Մինսկի խումբի համանախագահող երկրներուն յստակ գործողութիւններ կիրառել միջանցքի բացման կամ օդային կամուրջի՝ Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկման ուղղութեամբ, բան մը, որ թոյլ պիտի տայ ձմեռնային ժամանակաշրջանին որոշ չափով կանխելու Արցախի մէջ առկայ մարդասիրական տագնապալի ճգնաժամը»:

Արեւմտեան Հայաստանը այժմ աշխատանքներ կը տանի Բերձորի ճանապարհի բացման ուղղութեամբ եւ յոյս կը յայտնէ, որ ԵԱՀԿ համանախագահները նոյնպէս պատշաճ պիտի արձագանգեն այս խնդիրին, որ արդէն մարդասիրական լուրջ ճգնաժամ առաջացուցած է։