
Կարպետագործութիւնը Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայ ժողովուրդի հնագոյն եւ սիրուած արհեստներէն է: Այն իր ուրոյն տեղը գրաւած է մշակոյթի համընդհանուր գանձարանին մէջ: Այդ գեղջկական պարզ գործուածքը մատչելի էր ընկերական բոլոր խաւերուն համար:
Կարպետ գործած են ե՛ւ մեծերը, ե՛ւ փոքրերը: Գիւղերուն մէջ աղջիկները դեռ փոքր հասակէն նստած են տորքի առջեւ եւ իւրաքանչիւրը գործած է իր օժիտին համար: Կարպետը մեծ տեղ գրաւած է հայ ժողովուրդի կենցաղին մէջ: Այն զարդարած է բնակարաններն ու եկեղեցիները, ցուրտէ պաշտպանած մարդիկը եւ գործածուած որպէս հանդերձ: Կարպետները ծառայած են տարբեր նպատակներու եւ ունեցած են տարբեր անուններ:
Զարդանկարային ու գունային լուծումները պահպանուած են դարերու ընթացքին: Կարպետի եւ գորգի զարդանկարներն իրենց բովանդակութեամբ կ’առանչուին հայկական կիրառական արուետի այլ ճիւղերու հետ: Կարպետագործութեան աւելի բնորոշ է երկրաչափական զարդանախշը: Ամէնէն պարզ ու տարածուած զարդանախշը եռանկիւնն է: