
Արցախի շրջափակումն աւերիչ հետեւանքներ ունի արդէն իսկ խոցելի տարածաշրջանին համար, որ դեռ կը վերականգնուի 2020 թուականի ատրպէյճանական յարձակման յետցնցումներէն: Հակառակ պնդումներուն, որ շրջափակումը կ’իրականացուի իբրեւ «բնապահպան ցուցարարներու» կողմէ, ինչպէս պարզ է, վերջնական պատասխանատւութիւնը կը կրէ Ատրպէյճանի մէջ Ալիեւի վարչակարգը: Աւելին, ռուսական ուժերը, որոնց վստահուած է խաղաղութեան պահպանումը, յստակօրէն ձախողած են իրենց պարտականութիւններուն մէջ, ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընին ուղղված նամակին գրած են ԱՄՆ սենատորներ Պոպ Մենենտէս եւ Ճէք Ռիտ:
Նամակին մէջ սենատորները ներկայացուցած են ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի հաղորդագրութիւնները Բերձորի ճանապարհի շրջափակման նպատակներուն եւ հետեւանքներուն մասին: Նշուած է, որ Արցախի մէջ կայ սննդամթերքի պակաս, բան մը, որ լուրջ մտահոգութեան առիթ է:
«Միացեալ Նահանգները չի կրնար մէկ կողմ կանգնիլ, մինչ Ալիեւի վարչակարգը անզգամաբար կը սպառնայ Արցախի բնիկ քաղաքացիներու կեանքին, եւ պէտք է պատասխանատւութեան ենթարկէ Ատրպէյճանը՝ սննդամթերքի եւ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու հասանելիութենէն քաղաքացիական բնակչութիւնը զրկելուն համար», – գրուած է նամակին մէջ:
Արեւմտեան Հայաստանը կը հետեւի տարուող աշխատանքներուն, սակայն միաժամանակ կը յիշեցնէ, որ Միացեալ Նահանգները Մինսկի խումբի համանախագահող երկիր է, որ նոյնպէս մեծ պատասախանատւութիւն ունի այս հարցին արդարացի կարգաւորման գործին մէջ։