
«Ատանայի քաղաքական ժողովի ատենագրութիւն» գիրքի լոյս ընծայմամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն ու Մատենադարանը սկիզբ կը դնեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերուն վերաբերող գործերու բնագիրներու պատրաստման ու հրատարակութեան: Առաջին հատորի շնորհանդւսը տեղի ունեցած է Յունուարի 12-ին Մատենադարանին մէջ:
Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր Ղեւոնդեանի խօսքով, արխիւային փաստաթուղթերը եւ վաւերագիրները ալ աւելի մեծ նշանակութիւն կը ստանան յատկապէս այն տարածաշրջաններուն մէջ, որոնք հայաթափուած են, իսկ այս գիրքը կ’անդրադառնայ 20-րդ դարու սկիզբի Ատանայի հայութեան ներքին կեանքին:
Պատմական գիտութիւններու թեկնածու, Մատենադարանի աշխատակից Արմէն Մալխասեան նծած է, որ աշխատութիւնը կ’ընդգրկէ 1905 թուականի Մարտի 2-էն մինչեւ 1915 թուականի Ապրիլի 10-ը ինկած ժամանակահատուածի արձանագրութիւնները, որոնք Ատանայի Հայոց թեմի առաջնորդութեան ներքոյ ապրող բնակչութեան ազգային կեանքն արտացոլող ու ատանահայութեան ժողովրդավարութեան մակարդակին մասին վկայող բացառիկ փաստագիրներէն են: Այն կը պարունակէ նաեւ կրօնական ժողովի եւ տնտեսական խորհուրդի համատեղ խառը նիստերու արձանագրութիւններ: