
Արեւմտեան Հայաստանի մէջ խեցեգործական արուեստի առաջին նմոյշները թուագրուած են դեռ պղնձեայ դարաշրջանէն: Աւելի ուշ այս արհեստը արագ կերպով սկսաւ զարգանալ` Արարատեան թագաւորութեան մէջ՝ հասնելով իր ծաղկման գագաթնակէտին։ Անոր վկայութիւնն են Ն.Ք. 8րդ դարուն գտնուած նմոյշները: Հայկական խեցեգործութեան աւանդոյթները լայնօրէն տարածում գտան միջին դարերուն, երբ Անիի եւ Դուինի վարպետներու փառքն արդէն դուրս եկած էր երկրի սահմաններէն:
Այս ժամանակահատուածի խեցեգործական արուեստի ամէնէն յայտնի օրինակներ են ափսէները, գաւաթները, սափորները, սկուտեղները: Շատ յաճախ անոնք կը զարդարուէին թռչուններու եւ կենդանիներու պատկերներով, նաեւ կը ջնարակապատուէին: Պատմութեան մէջ պահպանուած են նաեւ բազմաթիւ նշոյմներ հայկական խեցեգործական սրբապատկերներու Երուսաղէմի եւ նոր Ջուղայի հայկական եկեղեցիներուն մէջ: Յետագային հայկական խեցեգործական արուեստի զարգացման առաւել յայտնի կեդրոններ ստեղծուեցան Կ. Պոլսոյ, Թիֆլիսի եւ Լվովի մէջ: