Միջազգային իրաւական հարցերով ՀՀ ներկայացուցիչի գրասենեակէն յիշել տուած են, որ 2022 թուականի Դեկտեմբերի 22-ին Ատրպէյճան դիմած էր Եւրոպական դատարան՝ պահանջելով վերացնել միջանկեալ միջոց կիրառելու որոշումը: Միաժամանակ Ատրպէյճան պահանջած էր միջանկեալ միջոցներ կիրառել Հայաստանի դէմ, այն է՝ «ձեռնարկել իր իրաւասութենէն բխող բոլոր միջոցները ուղղուած Ռուս խաղապահներու ժամանակաւոր տեղակայման վայրին մէջ գտնուող Ատրպէյճանի բռնագրաւած տարածքին բժշկական անհետաձգելի օգնութեան կարիք ունեցող մարդոց համարժէք բուժման եւ խուսափիլ այս ուղղութեամբ որեւէ խոչընդոտ ստեղծելէ»:

Ի պատասխան՝ Միջազգային իրաւական հարցերով ՀՀ ներկայացուցիչի գրասենեակը 2022 թուականի Դեկտեմբերին եւ 2023 թուականի Յունուարին Եւրոպական դատարան  ուղարկած է պարբերաբար թարմացուող տեղեկութիւն Բերձորի Ճանապարհին  շուրջ ստեղծուած Արցախի մէջ տիրող մարդասիրական ծանր վիճակին մասին: Միաժամանակ Միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցիչի գրասենեակը Եւրոպական դատարանին պահանջած էր անյապաղ ծանուցում ուղարկել Եւրոպայի խորհուրդի Նախարարներու կոմիտէին Ատրպէյճանի կողմէ Եւրոպական դատարանի 2022 թուականի Դեկտեմբերի 21-ի որոշումը չկատարելուն վերաբերեալ: Եւրոպական դատարանը, հաշուի առնելով կողմերու ներկայացուցած փաստարկները, Յունուարի 17-ին մերժած է Ատրպէյճանի պահանջներն ամբողջութեամբ՝ 2022 թուականի Դեկտեմբերի 21-ի որոշումը պահելով ուժի մէջ: Եւրոպական դատարանը մերժած է նաեւ Հայաստանի դէմ միջանկեալ միջոց կիրառելու մասին Ատրպէյճանի պահանջը: Արեւմտեան Հայաստանը արցախահայութեան պահանջով  դատեր բացած է Ատրպէյճանի դէմ, պաշտպանելու բնիկ հայերու իրաւունքները: Վերջին 3 դատական հայցերը ընդունուած են Դեկտեմբերին,  շարք մը հայցեր  նախապատրստման հանգրուանին են: