
Երեւանի մէջ լոյս տեսած է հայ ազգագրագէտ, բանահաւաք, համշէնագէտ Սերկէյ Վարդանեանի «Բանահիւսական պատումի միջավայրը (Կրօնափոխ համշէնահայերու զուարճապատումի մը տարբերակները)» մենագրութիւնը: Այս լուրը Սերկէյ Վարդանեան հրապարակած է ֆէյսպուքեան իր էջին:
Ըստ հեղինակին, այս զուարճապատումի ամէնէն հին տարբերակը 1860թ. գրառուած է Շուշիի մէջ: Բոլոր պատումներու բնագիրները տպագրուած են մենագրութեան «Բնագիրներ եւ թարգմանութիւններ» բաժնին մէջ: Հեղինակը կ’աւելցնէ, որ սոյն գիրքին մէջ հայ բանագիտութեան մէջ առաջին անգամ քրիստոնեայ եւ իսլամ հայերու բանահիւսութիւնը համեմատելու փորձ կը կատարուի: Նաեւ առաջին անգամ է, որ մէկ գիրքի մէջ կը մէկտեղուին դիպաշարային ընդհանրութիւններ ունեցող շուրջ 40 զուարճապատումներ: