2021 թուականէն որպէս քաղաքացիական նախաձեռնութիւն  կազմակերպուող «Ապագայ հայկական»ը կը պատրաստուի Մարտին կայանալիք համաժողովին, որուն մէջ պիտի ընդգրկուին  ինչպէս տարագիր հայ մասնակիցներ, այնպէս ալ ներկայացուցիչներ Հայաստանէն։ Պիտի քննարկուին Հայաստանի եւ հայերու ապագային վերաբերող հարցեր, պիտի փոխանակուին միտքեր, ինչպէս նաեւ պիտի պատրաստուի ճանապարհային քարտէզ։ Դիմումներու վերջնաժամկէտը Յունուարի 23-ն է։

«Ապագայ հայկական» համաժողովը հարթակ կը տրամադրէ աշխարհասփիւռ հայութեան ամէնէն կարեւոր հարցերու հանրային քննարկման համար:

Մարտի 10-12-ը Հայաստանի մէջ կայանալիք Հայաստանի եւ տարագիր հայերը համախմբող հանդիպում/համագումարի ընթացքին պիտի քննարկուին երեք հիմնական հարցեր՝ Հայաստան-տարագիր հայեր միութիւն, Պատմական պատասխանատւութիւն, բնակչութեան աճ։

Անգլերէն դիմումներու համար  յղումը՝ https://futurearmenian.com/convention/?register=1

Հայերէն դիմումներու համար՝ https://futurearmenian.com/hy/convention/?register=1