Արեւմտեան Հայաստանի Շատախ բնակավայրը կը գտնուի Վանայ լիճէն հարաւ՝ մօտ 40քմ հեռաւորութեամբ։ Գիւղաքաղաքի երեք կողմերը վեր կը խոյանան Շատախի լեռներու  երեք լեռնագագաթները։ Ջրառատ գիւղաքաղաք է Շատախ, գեղատեսիլ համայնապատկերով։ 

Շատախի բնակչութեան թիւը քանի մը հազար մարդէն երբեք աւելի չէ եղած։ Այն զուտ հայաբնակ գիւղաքաղաք էր եւ 19րդ դարու սկիզբները ունէր 3500-4000 բնակիչ, իսկ առաջին համաշխարհային պատերազմին նախորդած տարիներուն 1200-1300 բնակիչ։ Բնակիչները կը զբաղէին առեւտուրով, արհեստներով ու տնայնագործութեամբ, մեղուաբուծութեամբ, այգեգործութեամբ։ Շատախ առանձնապէս յայտնի էր շալագործութեամբ։ Շալի ամէնէն ընտիր տեսակը կը գործէին Շատախի՝ անգորական այծի բուրդէն։ Շատախ ունէր հայկական երկու եկեղեցի՝ Ս. Ստեփանոս եւ Ս. Կարապետ անուններով։ Եղած է գրչութեան կեդրոն։ Մեզի յայտնի են 15-17րդ դարերուն այստեղ գրուած քանի մը ձեռագիրներ գլխաւորապէս՝ Աւետարաններ։

Միջին դարերուն Շատախ իբրեւ գաւառի կեդրոն ունեցած է իր բերդը, որ կիսաւեր վիճակով հասած էր մինչեւ նոր ժամանակներ։ Այն վերջնականապէս աւերուած է 1850—1855թթ. Օսման փաշայի զօրքերուն կողմէ։ Շատախի հայ բնակչութիւնը եռանդուն մասնակցութիւն ունեցած է Վանի 1915-16թթ. ինքնապաշտպանական կռիւներուն եւ անոր մէկ մասը, այդ եղանակով փրկուելով թրքական եաթաղանէն, գաղթած ու վերաբնակութիւն հաստատած է Արեւելեան Հայաստանի տարածքին։