
Խաւէթ Ախալքալաքի հեռաւոր եւ փոքր գիւղերէն մէկն է:
Քաղաքէն հեռու ըլլալը, կազամատակարարման բացակայութիւնը, անբարեկարգ ճանապարհը, աշխատատեղիներու եւ երիտասարդներուն աշխատանք ապահովող հաստատութիւներու բացակայութիւնը, Թուրքիոյ շատ մօտ ըլլալը, այն խնդիրներէն մէկ մասն են, որոնք կը ստիպեն խաւէթցիներուն լքել իրենց գիւղը: Անոնք կը մեկնին՝ փնտռելով աւելի բարեկեցիկ կեանք, որ իրենց երեխաներն ալ չանցնին այն դժուարութիւներով, որոնցմով իրենք անցած են:
Խաւէթի մէջ մարդիկ կը զբաղին ե՛ւ անասնապահութեամբ, ե՛ւ հողագործութեամբ, որոնք ալ գիւղացիներու հիմնական ապրուստի միջոցներն են: Խաւէթի երեխաներուն մանկութիւնը դեռ չսկսած կ’աւարտի: Փոքր տարիքէն երեխաները գիւղատնտեսական ծանր աշխատանք կը կատարեն։
Ինչպէս կը նշէ գիւղացիներէն մէկը, խնդիրները կը ստիպեն հեռանալ գիւղէն, որքան ալ սիրես ծննդավայրդ, բայց գիւղին մէջ ոչինչ կայ: Երիտասարդներուն համար ոչ մէկ զբաղումի միջոց կայ։
Նշենք, որ Խաւէթ գիւղն այժմ կ’ապրի 55 ընտանիք, մինչդեռ 2000-ականերուն կը բնակէր մինչեւ 100 ընտանիք: Արեւմտեան Հայաստանը կը դիմէ համայն հայութեան, այս խնդիրներու լուծման աջակցելու համար, քանի որ պէտք չէ թոյլ տալ բնիկ հայերու հերթական հայրենազրկումը: Տարածքները հայկական են այնքան ժամանակ, քանի դեռ հայեր կան այնտեղ, իսկ այս պարագային հայութիւնը այդ տարածքներուն մէջ մեր օգնութեամբ անգամ պահելը մեզի համար գերխնդիր պէտք է ըլլայ: