
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահը կը շնորհաւորէ Յունուարի 19-ը՝ Արեւմտեան Հայաստանի անկախութեան 103-րդ տարեդարձը, համոզուած, որ Արեւմտեան Հայաստանի ողջ տարածքին պիտի վերականգուին ու հաստատուին մեր բոլոր իրաւունքներն՝ առանց բացառութեան։
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովն իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան N զօրամասի հրդեհին հետեւանքով զոհուած 15 զինուորական ծառայողներու ընտանիքներուն եւ հարազատներուն, ինչպէս նաեւ ողջ հայ ժողովուրդին մեծ կորուստին համար։ ԱԺ-ը հերթական նիստի ժամանակ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեց զոհերու յիշատակը։
Երեք զինուորական ծառայողներուն, որոնք տուժած են հրդեհէն ու կը գտնուին հիւանդանոցը, կը մաղթենք շուտափոյթ ապաքինում: