
Կ. Պոլսոյ Քարաքէոյ թաղամասի Սուրբ Փրկիչ հայկական կաթողիկէ եկեղեցւոյ կացարանին մէջ Յունուարի 23-ի երեկոյեան հրդեհ բռնկած է։
Հրդեհին հետեւանքով երկու անձ զոհուած է։
Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ հրդեհը վերցուած է վերահսկողութեան տակ, հրդեհի հետեւանքով 4 հոգի տարհանուած է, երկու հոգի ծխահարուած, որոնք կանխարգելման նպատակով տեղափոխուած են հիւանդանոց։
Հրդեհը բռնկած է այն կացարանին մէջ, ուր կը բնակէին Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հիմնադրամին մօտ գրանցուած կարիքաւորները: Արեւմտեան Հայաստանը կը ցաւակցի հրդեհի հետեւանքով զոհուածներու հարազատներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթէ ծխահարուածներուն: Հերթական դէպքն է, որ իբրեւ պատահականութիւն տեղի կ’ունենայ Հայկական եկեղեցւոյ մէջ, այս հայկական հետքը ջնջելու կանխամտածուած ծրագիր է, որ կ’իրագործուի թրքական ղեկավարութեան կողմէ: