Միացեալ Թագաւորութեան Համայնքներու պալատին մէջ Յունուարի 24-ին կազմակերպուած էր յատուկ քննարկում՝ նուիրուած Բերձորի ճանապարհի փակման ու անոր մարդասիրական հետեւանքներուն։ Քննարկումներու ժամանակ ՄԹ-ՀՀ բարեկամութեան խումբի ղեկավար Թիմ Լոութըն նշած է, որ անցեալ տարի մեկնած էր ՀՀ եւ տեղւոյն վրայ տեսած, թէ ինչ կը կատարուի։

«Ներկայիս վիճակը 2020թ․ Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեան դրոյթներու կոպտագոյն խախտում է։ Անցեալ տարի Սեպտեմբերին Ատրպէյճան յարձակած է ՀՀ տարածքին վրայ։ Իսկ Արցախը միշտ եղած է Հայաստան պետութեան անքակտելի մասը։

Ատրպէյճան բռնագրաւած է Հադրութը, Շուշին, որոնք հայկական տարածքներ են։

Ռազմագերիները տակաւին չեն վերադարձուած, արտադատական սպանութիւններ կատարած են հայ գերիներու նկատմամբ, բարձրախօսներով կոչ կ’ուղղէին Արցախի բնիկ հայերուն հեռանալ Արցախէն։ Բերձորի ճանապարհի փակման կը մասնակցին «գորշ գայլեր»ու ներկայացուցիչները», – նշած է Լոութըն։

Դեմոկրատական-Եունիոնիստական կուսակցութիւնը ներկայացնող Ճէյմ Շենոն ընդգծած է, որ Գորիս-Ստեփանակերտ ճանապարհի փակումն աղէտ է, 120 հազար հայ քրիստոնեայ շրջափակման մէջ է, կազ, ելեկտրականութիւն, սնունդ, դեղորայք չկայ։

«Genocide Watch»ն իրավիճակը ցեղային զտում կը համարէ։ Ատրպէյճան կ’ոչնչացնէ հայկական ժառանգութիւնը։ ՄԹ կառավարութիւնը ի՞նչ քայլեր կը ձեռնարկէ քրիստոնեայ հայերը պաշտպանելու համար։ Ռուսիոյ խաղաղապահները չեն կրնար ապահովել Բերձորի ճանապարհի բացումը։ Ատրպէյճան ապօրինի ռուսական կազ կ’արտահանէ Եւրոպա»,- նկատել տուած է ան:

Արեւմտեան Հայաստանը դրական կը գնահատէ տարբեր պաշտօնատար անձերու արձագանգը այս հարցին ուղղութեամբ, սակայն յոյս կը յայտնէ, որ անոնք չմնան միայն կոչերու կամ յայտարարութիւններու մակարդակի վրայ։