Արեւմտեան Հայաստանի Մամախաթուն բնակավայրը Դերջան գաւառակի կեդրոնն է, որ կը մտնէ Կարին նահանգի Կարին գաւառին մէջ: Սկզբնաղբիւրներուն մէջ Մամախաթուն երբեմն համարուած է գիւղ, երբեմն՝ աւան: Ըստ էութեան, ան աւելի շուտ մեծ գիւղ էր։ Կը գտնուի Արեւմտեան Եփրատ գետի ձախակողմեան վտակ Դերջան գետին վրայ՝ Կարին-Երզնկա ճանապարհին։ Բարձրութիւնը ծովի մակարդակէն մօտ 1416մ է, գրեթէ բոլոր կողմերէն պաշտպանուած է լեռներով։

Արեւմտեան Հայաստանի հետ միասին Մամախաթուն եւս թրքական տիրապետութեան տակ անցած է 16րդ դարուն։ Ռուսական զօրքին կողմէ երկու անգամ այն ազատագրուած է թրքական լուծէ, մէկը 1877-1878 թուականներու ռուս-թրքական պատերազմի ժամանակ, բայց Պերլինի 1878թ. պայմանագիրով կրկին անցած էր Թուրքիոյ, մէկ ալ կարճ ժամանակով 1916 թուականին, երբ այստեղ այլեւս գրեթէ ոչ մէկ հայ կար, 1915թ. Եղեռնի ժամանակ բոլորը տեղահանուած են: Յետագայ երկու տարիներու ընթացքին տեղահանուած հայերէն 20 ընտանիք՝ 124 բնակիչներով կրկին վերադաձած էին իրենց հայրենի բնակավայրը։

Բնակչութեան հիմնական զբաղումը գիւղատնտեսութիւնն էր։ Քաղաքին շրջակայքը փռուած է համանուն  դաշտը, որ կը համարուի Հայկական լեռնաշխարհի արգաւանդ հարթավայրերէն մէկը։

Մամախաթունի հայերն ունէին իրենց եկեղեցին, որ մինչեւ առաջին համաշխարհային պատերազմը կանգուն էր եւ կը գործէր։ 19րդ դարուն եւ 20րդ դարու սկիզբները Մամախաթունի մէջ կար հայկական մէկ դպրոց՝  քանի մը տասնեակ աշակերտներով եւ 2-3 ուսուցիչներով։