
«Մարտիրոս Սարեան. գիրք եւ արուեստ» եռալեզու գրացուցակին մէջ ընդգրկուած են շուրջ 90 գրքային նկարազարդումներ, անուանի գրողներու գեղանկարչական եւ կրաֆիքական դիմանկարներ:
Գրացուցակի լոյս ընծայման համար հիմք ծառայած է «Մարտիրոս Սարեան. գիրք եւ արուեստ» համանուն ցուցահանդէսը, որ ամիսներ առաջ բացուած է Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ: Ցուցահանդէսին ներկայացուած է Սարեանի ձգած մատենանկարչութեան հարուստ ժառանգութիւնը: Ցուցահանդէսը կը սկսի հայ դասականներ Յովհաննէս Թումանեանի, Վահան Տէրեանի, Եղիշէ Չարենցի, Աւետիք Իսահակեանի գրական երկերու նկարազարդումներով եւ կ’ամփոփուի համաշխարհային քնարերգութեան գլուխգործոց «Շահնամէ»էն՝ «Ռոստամ եւ Սոհրաբ» քնարերգութեան շքեղ նկարազարդումներով։
