
Սելայ Էրթեմ Հայերու դէմ իրականացուած Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման համար աշխոյժ պայքար մղած լուսահոգի Ալի Էրթեմի այրին է։
Ան կը ղեկավարէ «Միութիւն ընդդէմ ցեղասպանութեան» կազմակերպութիւնը։
Բերձորի միջանցքի փակման բնապահպանական պատճառաբանութիւնը Սելայ Էրթեմ կեղծ եւ շինծու կը համարէ։
«2022թ. Դեկտեմբերի 12-էն սկիզբ առած Բերձորի ճանապարհի շրջափակումը եւ ատրպէյճանական շահերէ ելլելով ճանապարհի արգելափակումը իրավիճակ մըն է, որ պէտք ամօթալի ըլլայ ողջ մարդկութեան համար։ Ինչպիսի՜ կեղծաւորութիւն է փորձել կոծկել այս կեղտոտ խաղերը, որոնք բնապահպանութեան եւ միջավայրի պահպանութեան կեղծ քօղին ներքոյ ըստ էութեան կը թիրախաւորեն հայ ժողովուրդը»,- նշած է ան։
Տիկին Էրթեմի կարծիքով՝ Բերձորի ճանապարհի փակումը Արցախը հայաթափելու ատրպէյճանական ծրագիրին մէկ մասը կը կազմէ։ Միեւնոյն ժամանակ կը յիշեցնէ հետեւեալը. «Արցախի բնիկ ժողովուրդ հանդիսացող հայերը այս հողերը չլքեցին նոյնիսկ պատերազմական իրավիճակի մէջ՝ խիզախօրէն պայքարելու որոշում կայացնելով»։
Անդադառնալով Ատրպէյճանին ուղղուած Թուրքիոյ լիակատար աջակցութեան, թուրք իրաւապաշտպանը կը շեշտէ, որ Ատրիաթիկ ծովէն մինչեւ Չինական պարիսպ ձգուող թուրանական երազանքի իրականացումը եւ այդ ճանապարհին «Հայաստանի արգելքը յաղթահարելը» միշտ ալ Թուրքիոյ օրակարգին մէջ եղած են։ «Մենք կը դատապարտենք Թուրքիոյ զաւթողական եւ նուաճողական քաղաքականութիւնը, որ կը խաթարէ տարածաշրջանի ժողովուրդներու խաղաղութիւնը»։
Արեւմտեան Հայաստանը կ’ողջունէ իրաւապաշտպանի համարձակութիւնը, հակաժողովրդական Թուրքիոյ մէջ նման յայտարարութեամբ հանդէս գալուն համար։