
NASA-ի արբանեակային լուսանկարները ահազանգ են Վանայ լիճին մէջ երաշտի վտանգին վերաբերեալ: Լիճին հետ մեկտեղ երաշտի վտանգի տակ են նաեւ աւազանի կարեւոր ջրաճահճային տարածքները։
Ըստ վերջին չորս տարիներու իւրաքանչիւր Յունուարին կատարուած նկարահանումներուն, որոնք ցոյց կու տան Վանայ լիճի աւազանը եւ անոր շրջակայքը, տարուէ տարի ձիւնի տեղումներու քանակը կը նուազի։
Լիճին մէջ երաշտի գլխաւոր պատճառը կլիմայական ճգնաժամն է եւ ջրօգտագործման սխալ քաղաքականութիւնը։ Երաշտի վտանգի տակ է նաեւ Արճէշ-Չելեպիպաղ հատուածին մէջ ֆլամինկոներու գաղթի ուղին։ Երաշտի պատճառով Վանայ լիճին մէջ գոյացած են բազմաթիւ կղզեակներ:
Լիճը պէտք է լիովին պաշտպանուի եւ յայտարարուի «Զգայուն տարածք», այլապէս հետեւանքները անդառնալի պիտի ըլլան:
Եթէ Թուրքիա բռնազաւթած չըլլար Արեւմտեան Հայաստանի տարածքները եւ բնիկ հայերը շարունակէին ապրիլ ու պահպանել իրենց երկրի բնութիւնը, այսպիսի վիճակի չէր հասներ, քանի որ նախապէս միջոցներ պիտի ձեռնարկէին։
Այս թղթապանակը կներկայացվի Արեւմտյան Հայաստանի խորհրդարանին: