Յունուարի 24-ին Մեծ Բրիտանիոյ Համայնքներու պալատին մէջ տեղի ունեցած է յատուկ քննարկում Ատրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի շրջափակման եւ անոր մարդասիրական հետեւանքներուն վերաբերեալ:

Շարք մը պատգամաւորներ հանդէս եկած են դատապարտող յայտարարութիւններով եւ պահանջած անյապաղ վերաբանալ միջանցքը։

Ելոյթներուն մէջ հնչած են Ալիեւի վարչակարգին դէմ պատժամիջոցներ կիրառելու, Ատրպէյճանի վրայ ճնշում գործադրելու կոչեր, իսկ Արցախի շրջափակումը եւ Արցախի մէջ ցեղային զտումներ իրականացնելու Ատրպէյճանի մտադրութիւնը որակուած է որպէս Հայերու դէմ իրագործուած Ցեղասպանութեան շարունակութիւն։

Յայտարարութիւններէն ետք ելոյթ ունեցած է Արտաքին գործոց նախարարի Ամերիկայի եւ Կարիբեան աւազանի հարցերով խորհրդարանական տեղակալ Տեւիտ Ռաթլի: Վերջինս մասնաւորապէս նշած է․ «Մեծ Բրիտանիա կ’աջակցի ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի քայլերուն։ Արցախի հակամարտութիւնը շատ բարդ է, բրիտանական կառավարութիւնն աշխոյժ կերպով կը համագործակցի երկու երկիրներու կառավարութիւններուն հետ։ Հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի, այն պէտք է լուծուի դիւանագիտական ​​ճանապարհով: Միացեալ Թագաւորութեան կառավարութիւնը հաւատարիմ է Ցեղասպանութեան կանխարգելման համաձայնագիրին: Մենք կ’ողջունենք ԵՄ քաղաքացիական առաքելութեան տեղակայումը Հայաստանի մէջ»։Արեւմտեան Հայաստանը կը հետեւի իրադարձութիւններու զարգացման եւ ըստ անհրաժեշտութեան հանդէս պիտի գայ յայտարարութեամբ։