Խլաթ Արեւմտեան Հայաստանի հնագոյն բնակավայրերէն է եւ դժուար է ըսել, թէ այն երբ  հիմնադրուած է։ Սկիզբը կը յիշատակուի որպէս աւան, իսկ յետագային կը վերածուի խոշոր քաղաքի, որ ունէր իր ամուր բերդը եւ կը համարուէր Վանայ լիճի ամէնէն մեծ նաւահանգիստը։ Խլաթ կը գտնուի լիճի արեւմտեան ափին, բարձրադիր հարթավայրի վրայ։ Հարաւը քաղաքէն կ’երեւի Վանայ լիճի համայնապատկերը, իսկ հարաւ-արեւմուտքը եւ հիւսիս-արեւմուտքը  Նեմրութ եւ Սիփան լեռներն են։

Հայկական մատենագրութեան մէջ հին ժամանակ երբեմն կոչուած է Բզնունեաց քաղաք, թուրքերը սովորաբար կը կոչեն Ահլաթ։

10-11րդ դարերուն համեմատաբար կարճ ժամանակամիջոցով Խլաթ կը դառնայ երկրի խոշոր եւ մարդաշատ քաղաքներէն մէկը։ Խլաթի զարգացման կը նպաստէր նաւահանգիստ ըլլալը։ 11րդ դարու առաջին կիսուն այն դարձած էր արհեստագործութեան եւ առեւտուրի խոշոր կեդրոն, քանի մը տասնեակ հազար բնակչութիւն ունեցող քաղաք։ 

Խլաթ թուրք պարսկական 16-17 դարերու երկարատեւ պատերազմներու կռուախնձորներէն մէկն էր։ Առանձնապէս ծանր հետեւանքներ ունեցած են 16 դարու 40-ական թուականներուն իրանական շահ Թահմազի եւ թրքական սուլթան Սուլէյման առաջին կռիւները։

1850 թուականին Խլաթ ունէր 5 հազար բնակիչ, որմէ 4000-ը՝ հայեր։ Խլաթի բնակիչներու զբաղումը կը կազմէին երկրագործութիւնը, այգեգործութիւնը, ձկնորսութիւնը, առեւտուրը, արհեստագործութիւնը եւ մասամբ աղի հանոյթը։

Պատմական Խլաթի յուշարձաններէն պահպանուած են քաղաքի մօտակայքի ժայռերուն մէջ փորուած քարանձաւները, ծովեզերքը գտնուող պաշտպանական պարիսպի քանի մը աշտարակներ, զանազան շէնքերու աւերակներ։