
Արեւմտեան Հայաստանի նախագահ Արմենակ Աբրահամեան, վերլուծելով վերջին ողբերգական իրադարձութիւնը՝ Ազատ գիւղին մէջ 15 զինուորներու զոհուելուն փաստը՝ նշեց․ « Ընդունելի չէ համակարգային այն մօտեցումը, ըստ որուն 15 զինուորներ պէտք է գտնուին այդ փոքր տարածքին մէջ եւ հարց կ’առաջանայ, թէ ինչու՞ պէտք է համակարգը ընդունի այդ վիճակը, հաշուի չառնելով, որ կը գտնուինք պատերազմական իրավիճակի մէջ։ ԱՆշուշտ բանակին պէտք է կարգապահութեան աւելի բարձր մակարդակ»։ Խօսելով Բերձորի ճանապարհի փակ մնալուն մասին նախագահը յայտնեց․ «Ալիեւ իր զօրքերուն փոխարէն կ’օգտագործէ քաղաքացիական ուժերը, եւ մարտավարութիւնն այնպիսին է, որ անոնք կ’ուղարկուին նախապէս ծրագրաւորուած եղանակով, որ Արցախի ժողովուրդն զգայ այդ ճնշումը։ Ճանապարհը պէտք է բացուի, այլ տարբերակ չկայ, խնդիրն այն է, թէ ե՞րբ պէտք է բացուի։ Արեւմտեան Հայաստանը շատ լաւ գիտէ իր իրաւունքները, սակայն կը տեսնենք, որ հայութեան մէջ իւրաքանչիւր անձ կը պաշտպանէ անձնական ու կուսակցական շահերը, բայց ո՛չ պետական շահերը։ Յիշենք, որ Թուրքիա անգամ իսլամի միջոցով չկրցաւ թուրքի ինքնութիւնը պահել։ Ի՞նչ շահեցաւ Թուրքիա 2 միլիոն հայ ցեղասպանելով, կամ հայկական մշակոյթը ոչնչացնելով՝ իրականութեան մէջ՝ ոչինչ։ Արցախի ժողովուրդին վնաս հասցնելով ժամանակաւորապէս ինչ որ բան պէտք է շահի։ Արդեօք 100 տարուայ ընթացքին զարգացա՞ծ է թուրք ժողովուրդը։ Շահած են միայն թալանը՝ գոյքերն ու հարստութիւնը եւ այն ալ ժամանակաւոր շահ է։