Արեւմտեան Հայաստանի Բերկրի բնակավայրը սկզբնաղբիւրներուն մէջ կը յիշատակուի նաեւ Բարկիրի, Բերգրի եւ անուան այլ տարբերակներով, իսկ թուրքերը կոչած են Պերկրի-քալէ։

Դժուար է ըսել, թէ երբ հիմնադրուած է այն։ Սակայն այդտեղ ուրարտական սեպագիր արձանագրութիւններու գոյութիւնը ցոյց կու տայ, որ հնագոյն բնակավայր էր։

Սկզբնական շրջանին սովորական գիւղ եղած է, ապա՝ բերդաքաղաք։

Կը գտնուի Վանայ լիճէն հիւսիս-արեւելք, լճափէն 16քմ հեռաւորութեամբ, Բերկրի գետի աջակողմեան հարթավայրին մէջ։ Հեռաւորութիւնը Վան քաղաքէն մօտ 65քմ է։ Ջրառատ է, եւ շրջակայքը կան ընդարձակ արգաւանդ հողեր։ Ունի քարածուխի հարուստ հանքեր եւ նաւթի զգալի պաշարներ։

Բերկրի երբեք մարդաշատ բնակավայր չէ եղած։ Հին եւ միջին դարերուն անոր բնակչութիւնը զանգուածօրէն բաղկացած էր հայերէ։ Այստեղ կը բնակէին նաեւ որոշ թիւով հրեաներ, որոնք Հայաստան բերուած էին տակաւին Տիգրան Բ-ի եւ անոր որդի Արտաւազդ Բ-ի օրօք։ 8րդ դարուն, Ապպասեան խալիֆներու կիրառած քաղաքականութեան հետեւանքով, Բերկրիի մէջ եւ անոր շրջակայքը կը հաստատուին արաբական ութմանիկ ցեղին պատկանող շատ բնակիչներ, իսկ աւելի ուշ՝ նաեւ քիւրտեր։ 

Սակայն անկէ ետք ալ, մինչեւ առաջին համաշխարհային պատերազմը, Բերկրիի բնակչութեան մեծագոյն մասը դարձեալ հայերն էին,  իսկ 20րդ դարու սկիզբը Բերկրի ունէր 3100 բնակիչ, որմէ 2100-ը՝ հայ:  Հայերուն մեծ մասը զոհ գնաց 1915 թուականի Եղեռնին, իսկ միւս մասը տեղահանուեցաւ, քիչերը յաջողեցան փրկուիլ թրքական եաթաղանէն եւ ապաստան գտնել Արեւելեան Հայաստան։

Ներկայիս Բերկրի փոքրիկ ու խղճուկ բնակավայր է, սովորական անբարեկարգ գիւղ մը՝ հյտամնաց տնտեսութեամբ։