
Իրաւունքի միջոցով ժողովրդավարութեան եւրոպական յանձնաժողովի (Վենետիկի յանձնաժողով) գլխաւոր քարտուղար Սիմոնա Կրանաթա Մենղինի արձագանգած է ՀՀ դատաւորներու միութեան նախագահ Ալեքսանդր Ազարեանի կողմէ՝ Յունուարի 14-ին ուղարկուած գրութեան, որ կը վերաբերէր Ատրպէյճանի կողմէ Արցախը Հայաստանի եւ արտաքին աշխարհի հետ կապող միակ՝ Բերձորի ճանապարհի արգելափակման:
Գրութեան մէջ, մասնաւորապէս նշուած է. «Թանկագին պարոն Ազարեան․
Շնորհակալութիւն նամակին համար, որով հայցած էք Վենետիկի յանձնաժողովի օժանդակութիւնն ու գործողութիւնները՝ Բերձորի միջանցքին շուրջ ծագած մարդասիրական իրավիճակին վերաբերեալ հարցին շուրջ: Կը վստահեցնեմ, որ Եւրոպայի Խորհուրդը, որպէս իրաւապաշտպան կազմակերպութիւն, ուշադրութեամբ կը հետեւի իրավիճակին: Մասնաւորապէս, 2022 թուականի Դեկտեմբերի 14-ին Եւրոպայի Խորհուրդի գլխաւոր քարտուղարը Բերձորի ճանապարհին շուրջ առաջացած մարդասիրական իրավիճակին վերաբերեալ յայտնած էր իր մտահոգութիւնը՝ ընդգծելով, որ լարուած իրավիճակի սրացումէն խուսափելու ելքը երկխօսութիւնն է:
Բերձորի ճանապարհին տեղի ունեցող իրավիճակին արձագանգելը, հակառակ անոր, որ Վենետիկի յանձնաժողովի մանդատէն դուրս է, բայց մենք լիովին կը հասկնանք իրավիճակի լրջութիւնը եւ Ձեր նամակը պիտի ուղարկենք Եւրոպայի խորհուրդի համապատասխան մարմիններուն: Յիշեալ հարցի յետագայ ընթացքին վերաբերեալ եւս կը յայտնեմ իմ պատրաստակամութիւնս: Վենետիկի յանձնաժողովի գլխաւոր քարտուղար՝ Սիմոնա Կրանաթա Մենղինի»: Արեւմտեան Հայաստանը դրական կը գնահատէ Վենետիկի յանձնաժողովի գլխաւոր քարտուղար Սիմոնա Կրանաթա Մենղինի ջանքերը խնդիրի հաղորդակցութեան վերաբերեալ։