
Հայաստանի զինուած ուժերու տօնը հաստատուած է 2001 թուականի Յունուարի 6-ին Հայաստանի նախագահին ստորագրած «Հայաստանի Հանրապետութեան տօներու եւ յիշատակի օրերու» մասին օրէնքով։ 2002 թուականի Նոյեմբերի 20-ին Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ լրացում կատարուած է՝ համաձայն որուն Յունուարի 28-ը սահմանուած է որպէս ոչ աշխատանքային օր։ Հայաստանի բանակի տօնը կը նշուի Յունուարի 28-ին, քանի որ 1992 թուականի նոյն այդ օրը ընդունուեցաւ «Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան վերաբերեալ» որոշումը։
Արեւմտեան Հայաստանի նախագահ Արմենակ Աբրահամեան կը շնորհաւորէ հայ զինուորականները այս տօնին առթիւ, մաղթելով ուժ ու կորով, որպէսզի հայ ոգիով ու միասնականութեամբ երկրի սահմանները անառիկ պահենք։ Մեր հողի իւրաքանչիւր հատուածը թանկ է մեզի համար, քանզի անոր համար է, որ մեր սէրն ու նուիրումը այսքան մեծ է առ հայրենիք։ Մենք պէտք միասնական կերպով, ուժով ու տոկունութեամբ ներշնչուինք մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար։ Մեր խոնարհումը բերելով պատւոյ դաշտին մէջ ինկած մեր հերոսներուն։