
Հոնկրէսական Ֆրանք Փալոն կրտսեր, ինչպէս նաեւ Հայկական հարցերով յանձնախումբի ղեկավարներ Տէյվիտ Ուալատաօ, Կաս Պիլիրաքիս, Ատամ Շիֆ եւ Պրատ Շերման կ’առաջնորդեն բանաձեւ մը, որով կը դատապարտուին Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի հայերու շրջափակումը եւ մարդու իրաւունքներու շարունակական խախտումները, կոչ կ’ուղղուի նախագահ Պայտընին անյապաղ դադրեցնել ԱՄՆ ռազմական եւ անվտանգային աջակցութիւնն Ատրպէյճանին եւ ամբողջութեամբ կիրառել Ազատութեան աջակցութեան որոշման 907 Բանաձեւը, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-ի կողմէ մարդասիրական եւ զարգացման աջակցութիւն տրամադրել Արցախի մէջ հայ տուժածներուն: Այս լուրը կը հաղորդէ Ամերիկայի հայկական համագումարը:
Բանաձեւի նախագիծին մէջ յայտարարուած է, որ «Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւ հեգնական հռետորաբանութիւն օգտագործած է՝ կոչ ուղղելով Արցախի մէջ ցեղային զտումներ իրականացնելու բնիկ հայերուն նկատմամբ, եւ անոր վարչակարգը հետեւողականօրէն խախտած է կարեւոր միջազգային մարդասիրական իրաւական համաձայնագիրեր 2020թ.-ի պատերազմի ընթացքին եւ մինչեւ օրս, ներառեալ՝ Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրը, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կանոնադրութիւնը եւ Ժնեւի համաձայնագիրը»:
Ըստ աղբիւրին, բանաձեւին մէջ ընդգծուած է, որ 2020թ.-ի Նոյեմբերի հրադադարին մասին յայտարարութեամբ «6րդ յօդուածին մէջ յստակ կերպով կը յայտարարուի, որ «Բերձորի միջանցքը (5քմ լայնքով), որ կապ պիտի ապահովէ Արցախի եւ Հայաստանի միջեւ՝ չանցնելով Շուշիի տարածքէն, պիտի մնայ Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերու վերահսկողութեան տակ… Ատպէյճանի Հանրապետութիւնը կ’երաշխաւորէ Բերձորի միջանցքով երկու ուղղութիւններով տեղաշարժող անձերու, փոխադրամիջոցներու եւ ապրանքի անվտանգութիւնը»։