
Արեւմտեան Հայաստանի Կեսարիա նահանգի երկու գիւղերու միջեւ ինկած արօտավայրին մէջ ուժանակի գործարան պիտի կառուցուի։ Գիւղացիները մտահոգ են եւ զայրացած։ Այս գիւղերը բռնազաւթուած Արեւմտեան Հայաստանի բնապահպանական մաքուր գիւղերէն են։
Անոնք տեղակայուած են արդիւնաբերութենէ հեռու վայրի մէջ՝ շրջապատուած ուռենիներով։ Այս տարածքին մէջ շինարարութիւն չի կատարուիր, նոյնիսկ երթեւեկութեան ճանապարհ չկայ։
Նախատեսուող գործարանը գիւղերէն մէկէն 950մ, իսկ միւսէն՝ 3,5քմ հեռաւորութեան վրայ պիտի կառուցուի։ Նախատեսուող կառոյցէն մօտ 200մ հեռաւորութեան վրայ գիւղի խմելու ջուրի ցանցն է։