2022 թուականին մեկնարկած «Հայ մշակոյթը հանրահռչակող օտարալեզու գրականութեան հրատարակում» դրամաշնորհային ծրագիրի ծիրին մէջ հրատարակուած է  «Հայաստանի պատմամշակութային ժառանգութիւնը» անգլերէն ժողովածուն։

Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան յայտարարութեան համաձայն, գիտահանրամատչելի այս ժողովածուն նախատեսուած է ընթերցողներու առաւել լայն լսարանի համար: Առանձին յօդուածներու տարբերակով փորձ կատարուած է ներկայացնել հայ ժողովուրդի մշակութային ինքնատիպ նիւթական եւ հոգեւոր ժառանգութեան ընտրանին:

Այն ընթերցողական լայն շրջանակներուն հնարաւորութիւն պիտի տայ բացայայտել եւ ճանչնալ հայոց պատմութեան ու մշակոյթի որոշակի շերտեր: