
Ատրպէյճանի մէջ այս պահուն հաստատուած ու նոյնականացուած 33 հայ ռազմագերի կը պահուի: «Ժողովուրդ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին այս թիւը ներկայացուցած է միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեանի մամլոյ քարտուղար Յասմիկ Սամուէլեան:
«Բացի Կարմիր խաչի ուշադրութեան կեդրոնը գտնուող 33 ռազմագերիներէն, փաստերով հաստատուած դէպքերը 80 են: Ցաւօք, եղած է շուրջ 40 անձի դէպք, որ գերեվարուելէ ետք սպանուած կամ գնդակահարուած են: Այդ մէկը վկայող ապացոյցներ ունինք: Ինչ կը վերաբերի վերոնշեալ 80 դէպքին, անյայտ է վերջիններուս ճակատագիրը: Անոնք կրնան ողջ ըլլալ, բայց իրաւական դաշտէ դուրս բերուին ու դառնան բռնի անհետացածներ կամ սպաննուածներ, բայց Ատրպէյճան ո՛չ կը հաստատէ անոնց գերեվարումը, ո՛չ կը վերադարձնէ դիերը՝ կատարած յանցագործութիւններուն մասին ինքնախոստովանութիւն չտալու համար»,-նշած է Սամուէլեան։