2018-ին հրատարակուեսաւ Կարպիս Հարպոյեանի  «Հայ բժիշկներու, ատամնաբոյժներու եւ դեղագործներու ոդիսականը Հայերու Ցեղասպանութեան ընթացքին» գիրքը, ուր անդրադարձ կը կատարուի այն արհաւիրքներուն, որոնց ենթարկուեցան հայազգի բժիշկներն ու բժշկական ոլորտի աշխատողները: Գիրքն ստեղծուած է երկարատեւ ուսումնասիրութիւններու եւ փաստերու հիման վրայ:

1915-ին՝ Հայերու դէմ իրականացուած Ցեղասպանութեան ժամանակ, հայ բժիշկներու մեծ խումբ մը մնաց հաւատարիմ` բժշկական իր ասպարէզի բարոյախօսութեան եւ շարունակեց աշխատիլ իր միջավայրին մէջ: Եղեռնի առաջին օրերուն հայ բժիշկները իրենց արիւնակիցներուն հետ միասին ձերբակալուած են, բանտարկուած, տարագրուած եւ անմարդկային չարչարանքի ենթարկուած թուրք ճիւաղային ձեռքերով՝ պարզապէս հայ ըլլալուն պատճառով: Երդմնադրոյժ թուրք բժիշկներն իրենց արիւնարբու ձեռքերով խողխողած են հայրենիքին նուիրուած հայ բժիշկները: Ուրիշ թուրք բժիշկներ հայ աղջիկները անդամահատած են անմարդկային եւ հրեշաւոր ձեւով:

Թուրք բժիշկներու այս դերակատարութիւնները բացայայտուած են 1918-1919-ի թրքական զինուորական դատավարութիւններու ընթացին, որոնք տեղի ունեցած են Իթթիհատ կուսակցութեան հինգ ղեկավարներու մասնակցութեամբ: Նահատակուած բժիշկներէն եւ դեղագործներէն բացի, գտնուած են նաեւ մեծ թիւով հայ բժիշկներ, դեղագործներ եւ բժշկական ոլորտի աշխատողներ, որոնք տեղահանութեան եւ Ցեղասպանութեան պատճառով կորսնցուցած են իրենց հարազատները, պապենական կալուածքներն ու տուները, հարստութիւնը, եւ մազապուրծ փախչելով` ապաստան գտած են օտար երկիրներ: