Աստուածաշունչի մէջ նկարագրուած Նոյեան տապանը դարեր շարունակ փնտռուած է, եւ ենթադրաբար այն կը գտնուի Արարատ լերան վրայ:

Աղրըի համալսարանին եւ Կ. Պոլսոյ տեխնիկական համալսարանին կողմէ ստեղծուած հետազօտական ​​խումբը մօտ 2 ամիս առաջ սկսած է աշխատանքը Նոյեան տապանի հնարաւոր գտնուելու տարածքին։ Նահանգապետարանի յատուկ արտօնութեամբ ուսումնասիրուող տարածքէն հաւաքուած են ժայռակտորներու եւ հողի՝ մօտ 30 նմոյշներ, որոնք տարուած են Կ. Պոլիս՝ համալսարանի տարրալուծարանին մէջ հետազօտուելու համար։

Տարրալուծական ուսումնասիրութիւնները պիտի տեւեն մօտ 1 ամիս, որմէ ետք կարելի է պարզել՝ արդեօք Նոյեան տապանի հետքեր կը գտնուի՞ն, թե՝ ոչ։