Արեւմտեան Հայաստանի Մալաթիա քաղաքը տնտեսական, մշակութային եւ վարչաքաղաքական առումով զգալի դեր  խաղացած է մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ։

Մալաթիա, որ օտար աղբիւրներու մէջ աւելի յայտնի էր Մելիտինէ անունով, կը գտնուի Եփրատի աջ կողմը, գետէն մօտ 10քմ հեռաւորութեան վրայ, լեռներով շրջապատուած հարթավայրի վրայ, ծովի մակերեսէն մօտ 940մ բարձրութեան վրայ։ Պատմական Մալաթիան ժամանակակից Մալաթիայէն 7-8քմ հարաւ-արեւմուտք կը գտնուէր։ Այն այժմ շատ քիչ թիւով բնակիչներ ունի, աւերուած ու ամայի է, եւ թուրքերու կողմէ ստացած է Էսքի-Շեհիր անունը։ Նոր եւ Հին Մալաթիաները բաւական տուժած են 1893թ. տեղի ունեցած աղէտաբեր երկրաշարժէն։

Մալաթիայի զարգացման նպաստած են անոր աշխարհագրական յարմար դիրքն ու պատմական տարբեր ժամանակներու գրեթէ միշտ վարչական կեդրոն ըլլալը։ 

Հնագոյն շրջանին, գտնուելով Ուրարտուի եւ Ասորեստանի, յետագային՝ Հռոմի ու Պարսկաստանի, ապա Բիւզանդիոյ եւ Արաբական խալիֆայութեան սահմանագլխուն, բազմիցս դարձած է ռազմական բախումներու ոլորտ` ենթարկուելով աւերումներու եւ զրկուելով խոշոր քաղաքի վերածուելու հնարաւորութենէ։ 15րդ դարու վերջերը Մալաթիա կ’իյնայ  օսմանեան թուրքերու տիրապետութեան տակ։

 Մալաթիոյ մէջ հայերու զանգուածային կոտորածները տեղի ունեցած են 1895-ին։ Հխակառակ անոր, որ հայերը թրքական աւազակաբարոյ զօրքին ցոյց տուած են հերոսական դիմադրութիւն, սակայն այդ յարձակման ժամանակ քաղաքին մէջ թրքական եաթաղանին զոհ գացած է մօտաւորապէս 7500 անձ՝ մեծաւ մասամբ կիներ, երեխաներ եւ ծերունիներ։ Անոր հայ բնակչութիւնն աւելի զանգուածային բնաջնջման ենթարկուած է երիտթուրքերու կողմէ Մեծ Եղեռնի ժամանակ՝ 1915 թուականին։ Իսկ ողջ մնացածները տեղահանուած են եւ տարագրուած զանազան կողմեր։