
Մատենադարանի գիտական խորհուրդին որոշմամբ լոյս տեսած է «Արցախի եւ Ուտիքի ձեռագրական ժառանգութիւնը» ֆրանսերէն ուսումնասիրութիւն-պատկերագիրքը։ Հրատարակութիւնը իրականացուած է ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան դրամաշնորհով։ Գիրքն առաջին անգամ տպագրուխած է 2022 թ-ին անգլերէն։
Գիրքը նուիրուած է Հայաստանի երկու յարակից նահանգներու պատմութեան եւ ձեռագրական ժառանգութեան:
Հատորին սկիզբը աղբիւրագիտական հարուստ տուեալներով ներկայացուած է Արցախ-Ուտիքի համառօտ պատմութիւնը հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ 19-րդ դար:
Երկրորդ գլխուն մէջ կը ներկայացուի Արցախի եւ Ուտիքի գրչութեան կեդրոններու պատմութիւնը, 13-18րդ դարերուն գրչատուներուն մէջ ստեղծուած ձեռագիր մատեանները, որոնց զգալի մէկ մասը կը պահուի Մատենադարանը, մէկ մասն ալ ցրուած է աշխարհի տարբեր թանգարաններն ու ձեռագրատուները:
Գիրքի երրորդ մասը նուիրուած է Արցախի մանրանկարչական արուեստին ու զարդանկարչութեան, որ ամբողջական պատկերացում կու տայ Արցախի-Ուտիքի մանրանկարչական դպրոցին եւ այնտեղ ձեւաւորուած ձեռագրական աւանդոյթներու մասին:
Պատկերազարդ ձեռագիրներու 100-է աւելի նկարներ եւ գիտահանրամատչելի նիւթեր ամփոփող հատորը կը միտի հանրահռչակել միջնադարեան Արցախի եւ Ուտիքի հարուստ բայց շատերուն անծանօթ գրաւոր ժառանգութիւնը: