
Հայաստանի ազգային հերոս, Ֆրանսայի Պատւոյ լեկիոնի շքանշանակիր, հասարակական գործիչ Շառլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակը 2024 թուականին նշելու նպատակով վարչապետին որոշմամբ ստեղծուած է յոբելեանական յանձնաժողով եւ հաստատուած անոր անհատական կազմը, կը տեղեկացնէ ՀՀ կառավարութեան պաշտօնական կայքէջը։
Վարչապետը յանձնարարած է 6-ամսեայ ժամկէտի մէջ մշակել յոբելեանական միջոցառումներու ծրագիրը` ծախսերու նախահաշիւը համաձայնեցնելով Հայաստանի Հանրապետութեան Ելեւմուտի նախարարութեան հետ: