
Հայկական լեռնաշխարհը գորգագործութեան հնագոյն կեդրոններէն է: Հայկական գորգը տարբեր ժամանակներու եւ տարածաշրջաններու մէջ ունեցած է տարբեր անուանումներ: Ուշագրաւ է նաեւ գորգի մէկ այլ անուանումը՝ խալի կամ գալի, որ կը ծագի Կալիկալա՝ Կարին քաղաքի արաբերէն անուանումէն, քաղաք, որ յայտնի եղած է իր հարուստ գորգարուեստով: Հայկական գորգերը ներդաշնակ գունաւորումներ ունեցած են շնորհիւ կարմիրին, ճերմակին, կապոյտին, կանաչին, դեղինին եւ անոնց տարատեսակներուն: Դեղին գոյնը ստացած են դեղնածաղիկէն, կարմիր գոյնը՝ որդան կարմիրէն, կանաչ գոյնը՝ ընկոյզի կեղեւներէն: Նռան կեղեւէն ստացած են սեւ գոյնը: Միջնադարուն հայկական գորգերու հռչակը մեծապէս պայմանաւորուած էր որդան կարմիրէն ստացուած երանգներով, եւ անոր շնորհիւ արաբական խալիֆաթի դարաշրջանին հայկական գորգերն կ’անուանէին նաեւ «կարմիր գորգեր»:
Հայկական գորգերու առանձնայատկութիւններէն էր նաեւ, որպէս հումք օգտագործուող «բալբաս» տեսակի ոչխարի բուրդը, ինչպէս նաեւ լայն տարածում ունէր անգորեան այծի բուրդը: Այն շրջաններուն մէջ, ուր զարգացած էր բամբակի եւ մետաքսաթելի մշակումը, լայնօրէն կը կիրառուէր նաեւ բամբակ եւ մետաքսաթել: Հայկական գորգերու գլխաւոր առանձնայատկութիւնը անոնց զարդանախշերն են, քանի որ անոնցմէ եւ ոչ մէկը աննպատակ հիւսուած չէ, իւրաքանչիւր զարդանախշ ունի իր նշանակութիւնը եւ իմաստը: Հայկական գորգերը իրենց մէջ կը կրեն մեծ թիւով ծիսական, պատկերային եւ գաղափարական զարդանախշեր: Այդ զարդանախշերը լայնօրէն կիրառուած են նաեւ քանդակագործութեան, մանրանկարչութեան, ճարտարապետութեան, արծաթագործութեան մէջ:
Գորգագործութեան տարբեր տեսակներ առաւել տարածուած էին Արեւմտեան Հայաստանի գաւառներուն մէջ, իսկ Ցեղասպանութեան տարիներուն, երբ բնիկ հայերը ստիպուած տարագրուեցան այլ երկիրներ, իրենց հետ տարին մշակոյթի այդ ճիւղը եւ շարունակեցին զագացնել այլ երկիրներու մշակոյթը։