
Երեւանի մէջ կայացաւ դանիացի միսիոներ, մեծ մարդասէր, հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ, 1000-աւոր հայ որբերու երկրորդ կեանք պարգեւած Մարիա Եակոբսընի անունով անուանակոչուած փողոցի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։
«Մենք կը կարեւորենք անձեր, որոնք ամէնէն ծանր պահերուն եղած են հայ ժողովուրդի կողքը: Մարիա Եակոբսըն այն անձերէն է, որ Ցեղասպանութեան տարիներուն փրկած եւ կրթած է հազարաւոր հայ մանուկներ, եւ այս, կը կարծեմ, այն փոքր յիշատակի հնարաւորութիւնն է, որ քաղաքը կրնայ եւ պարտաւոր է տալ այդ մարդուն: Մենք պէտք է յիշենք եւ մեր պատմութեան էջերուն գրանցենք նման մարդիկ, որպէսզի մեր զաւակներն ու թոռները զանոնք եւս իմանան»,- նշած է Երեւանի փոխքաղաքապետը։
Միջոցառման ներկայ էին նաեւ Հայաստանի մէջ Դանիայի Թագաւորութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը, Մարիա Եակոբսընի ժառանգները, Հայերու Ցեղասպանութեան թանգարանի, Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի, «Մարիա Եակոբսըն կեդրոն» ՀԿ ներկայացուցիչներ, Երեւանի աւագանիի անդամներ, մտաւորականներ եւ այլ պաշտօնական անձեր:
Արեւմտեան Հայաստանը կը միանայ յարգանքի տուրք մատուցելու Մարիա Եակոբսընին, որ մեծ ներդրում ունեցած է Ցեղասպանութեան ժամանակ հայերու փրկութեան գործին մէջ։
Այն մարդասիրութեան տիպիկ օրինակ է, որ, անկախ ժամանակի մարտահրաւէրներէն, անձնուրաց կերպով կ’օգնէր դժուարութեան մէջ գտնուող որբերուն։