
«Ազատագրական Բանակ»ի մարտիկ, «Կարին» կրթամշակութային ՀԿ նախագահ,ՀՀ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Գագիկ Գինոսեան «Facebook»ի իր էջին գրած է․ «Այսօր արգիլած են Մոսկուայի մէջ գործող Հայ աւանդական Նժդեհ պարախումբի՝ «Իմ անունս է Պայքար» խորագիրով համերգը: Այսօր այլեւս պատրուակ չունենալով արգիլել Հայոց բանակի տօնին նուիրուած համերգը, գացին անմեղսունակ ճանապարհով՝ յայտարարելով, որ համերգասրահին մէջ ական կայ տեղադրուած: Քանի մը ժամ Մոսկուայի ձմեռնային սառնամանիքին հանդիսատեսը եւ «Նժդեհ» խումբի անդամները սառացնելէ ետք վերջնականապէս յայտարարուեցաւ, որ համերգը կազմակերպելն անհնար է: Հետեւինք այս միջադէպի յետագայ զարգացումներէն եւ զօրակցինք Նժդեհ պարախումբին։ Անհնար է մարել այն, ինչ էութեամբ անմարելի է՝ Հայու ոգին: Մեր անունն է Պայքար, եւ վախճանը՝ ՅԱՂԹԱՆԱԿ….»։