Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի գրասենեակի ներկայացուցիչները Յունուարին այցելած են Ատրպէյճան գտնուող հայ ռազմագերիներուն։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Կարմիր Խաչի հայաստանեան գրասենեակի հաղորդակցման եւ կանխարգելման ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունի։

 «Հանդիպման ժամանակ գերիները հեռախօսազրոյց  ունեցած են իրենց ընտանիքի անդամներուն հետ, փոխանցուած են նաեւ նամակներ ու ձայնագրուած տեսանիւթեր»,– նշած է Զառա Ամատունի։

Արեւմտեան Հայաստանը կը դատապարտէ Ատրպէյճանի այսօրինակ գործողութիւնները եւ կը յորդորէ միջազգային կառոյցներուն, այդ թուին՝ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին, քայլեր ձեռնարկել գերիներու հայրենիք վերադարձին համար։