Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնն իր խոր մտահոգութիւնը յայտնած է Երուսաղէմի քրիստոնէական հաստատութիւններուն դէմ բռնութիւններու վերջին գործողութիւններուն առթիւ:

Տիկին նախարարը պարզաբանեց. «Մենք խորապէս մտահոգուած ենք բռնութիւններու եւ վանդալիզմի վերջին գործողութիւններուն առթիւ՝ ուղղուած Երուսաղէմի քրիստոնէական կրօնական հաստատութիւններուն, այդ թուին՝ Հայոց պատրիարքարանին եւ Հին քաղաքի հայ բնակիչներուն դէմ»: 

Աւելի վաղ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Հայր Աղան Գոգչեան տեղեկացուցած էր, որ Երուսաղէմի մէջ փորձած են բարձրանալ Հայոց պատրիարքարանի տանիքը եւ վերացնել խաչակիր եւ ՀՀ դրօշները, ինչպէս նաեւ երկու յարձակում  կատարած են հայերու վրայ։ Մինչ այդ ալ հրեայ ծայրայեղականները Երուսաղէմի մէջ յարձակած էին հայկական ճաշարանի վրայ:

Հայութեան դէմ սկսած այս արշաւէն մեծաւ մասամբ կը տուժեն տարագիր հայերը։ Պէտք է միջոցներ ձեռնարկել, քանի դեռ աւելի բարդ խնդիրներու առաջ չենք յայտնուած։