Եթէ ՄԱԿ-ի արդարադատութեան միջազգային դատարանն անյապաղ միջոցներ չձեռնարկէ, Արցախի բնիկ հայերը անհնարին ընտրութեան առջեւ պիտի կանգնին՝ լքել իրենց պապենական տուները կամ մնալ այնտեղ եւ սովամահ ըլլալ,  յայտարարած է Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան ՄԱԿ-ի դատարանին մէջ՝ Ցեղային խտրականութեան վերացման կոմիտէի վարոյթի ծիրին մէջ Ատրպէյճանի դէմ Հայաստանի ներկայացուցած հայցի լսումներու ընթացքին: Հայաստան կը պահանջէ, որ Ատրպէյճան դադարեցնէ իր օժանդակութիւնը, այսպէս կոչուած, ցոյցերուն, որոնք կը խաթարեն Բերձորի միջանցքով երկու ուղղութեամբ տեղաշարժը, երաշխաւորէ անխափան շարժը եւ ձեռնպահ մնայ Արցախ բնական կազի եւ այլ հանրային ծառայութիւններու մատակարարումը խաթարելէ: Եղիշէ Կիրակոսեան իր ելոյթին մէջ նշած է. «Յոյս կար, որ խնդրանքին մէջ ներառուած հարցերը շատոնց պէտք է լուծուած ըլլային ՄԱԿ-ի ԱԽ-ին միջամտութեամբ: Բայց Ատրպէյճան, կարծես թէ, հաստատակամ է Արցախ ապրող բնիկ հայերը «խեղդելու» հարցին մէջ»:  Կիրակոսեան մեջբերած է նաեւ Ալիեւի հետեւեալ խօսքերը. «Եթէ ոեւէ մէկը չի ցանկար մեր քաղաքացին դառնալ, ուրեմն ճանապարհը բաց է, անոնք կրնան հեռանալ խաղաղապահներու հովանիին ներքոյ կամ հանրակառքով»:

«Այլ  խօսքով՝ բնիկ հայերը չեն կրնար մուտք գործել Արցախ, բայց անոնք կրնան դուրս գալ այնտեղէն: Այսօրինակ աղաղակող ցեղային զտման գործողութիւնները մեր օրերուն տեղ չունին: Եւ այս դատարանը վերջին յոյսն է Արցախի հայերուն համար»,- յայտնած է Կիրակոսեան: