Սպեր Արեւմտեան Հայաստանի հնագոյն բնակավայրերէն է։ Կը գտնուի Ճորոխ գետի աջ ափին, գեղատեսիլ այգեշատ ձորի մէջ։ Քաղաքին մասին յիշատակուած է յունահռոմէական, հայկական, արաբական եւ վրացական աղբիւրներու մէջ։ Այն եղած է Բագրատունիներու տիրոյթը։  15րդ դարու վերջին քառորդին Սպերը զաւթած են օսմանեան թուրքերը։  

Սպերի շրջակայքը կան ոսկիի եւ մետաղական այլ հանքեր։ 20րդ դարու սկիզբները Սպեր 340 տուն բնակիչ ունէր, որմէ 40-50 տունը հայեր էին, իսկ մնացեալը՝ թուրքեր, յոյներ։

Կը զբաղէին արհեստներով, այգեգործութեամբ եւ առեւտուրով։ Հայերն ունէին եկեղեցի (Սուրբ Աստուածածին)։ Քաղաքին մօտ բարձր ժայռի վրայ պահպանուած է Սմբատաւան բերդի աւերակները։ Շրջակայ լեռներուն մէջ պահպանուած էին հայկական եկեղեցւոյ աւերակներ, իսկ Ճորոխի վրայ՝ հնագոյն կամուրջ մը:

19րդ դարու սկիզբը մօտ 900 տուն բնակիչ ունեցող Սպեր, յետագայ տասնամեակներուն հայերու արտագաղթէն ետք, վերածուեցաւ անշուք գիւղաքաղաքի։

1915 թուականի Ցեղասպանութեան ժամանակ Սպերի հայերը բռնութեամբ տեղահանուած են։ Մեծ մասը զոհուած է գաղթի ճանապարհին։ Սակաւաթիւ փրկուածներն ապաստանած են տարբեր երկիրներ։ Այժմ Սպեր (Իսփիր) աւան է  բռնազաւթուած Արեւմտեան Հայաստանի էրզրում նահանգին մէջ։