
Հայաստանն ու Արցախը կանգնած են Ատրպէյճանի կողմէ պատերազմի իրական սպառնալիքի առջեւ, իր թուիթըրեան էջին գրած է ԱՄՆ քոնկրէսական Ատամ Շիֆ:
«Ցնցող էր տեսնել հայերու դէմ ցեղասպանութիւն քարոզող պաստառներ: Մենք բոլորս պէտք է խստօրէն դատապարտենք այս մոլեռանդութիւնը։
Հայաստանն ու Արցախը կանգնած են Ատրպէյճանի կողմէ պատերազմի իրական սպառնալիքի առջեւ: Հասարակութիւնն աջակցութեան կարիք ունի, եւ ոչ թէ ատելութեան», – գրած է Շիֆ: