
Ատրպէյճանցի լրագրող Պաշիր Քիթաչաեւ «openDemocracy» անկախ լրագրողական հարթակին վրայ ծաւալուն յօդուած հրապարակած է Ատրպէյճանի կողմէ Բերձորի ճանապարհի շրջափակման ու մարդասիրական ճգնաժամ հարուցուելուն, Ատրպէյճանի մէջ աճող հայատեացութեան մթնոլորտին, Արցախի պատմութիւնը կեղծելու Ատրպէյճանի ջանքերուն մասին՝ քննադատելով իր երկրի կառավարութեան գործողութիւնները:
Ատրպէյճանցի լրագրողը նշած է, որ ատրպէյճանցիները, որոնք կը պնդեն, թէ բնապահպանական ցուցարարներ են, արդւն երկրորդ ամիսն է, որ փակ պահելով Բերձորի ճանապարհը, Արցախի 120 հազար հայերու համար մարդասիրական ճգնաժամի պատճառ դարձած են:
Ատրպէյճանցի լրագրողը, օգտագործելով «այսպէս կոչուած «բնապահպանական ցուցարարներ» եզրը՝ նշած է, որ անոնց թուին են քաղաքացիական ծառայողներ, ծպտուած զինուորականներ եւ կառավարութեան հետ կապեր ունեցող ՀԿ-ներու եւ երիտասարդական կազմակերպութիւններու անդամներ, որոնցմէ ոչ ոք մասնակցած է Ատրպէյճանի մէջ բնապահպանական նախորդ բողոքի ցոյցերուն:
«Ատրպէյճան նաեւ փորձած է վերաշարադրել Արցախի պատմութիւնը՝ հայերը, որոնք այս տարածաշրջանին մէջ բնակած են Ն.Ք. 6-րդ դարէն, ներկայացնելով որպէս եկուորներ։ Ատրպէյճան կը հերքէ նաեւ այդ տարածքին մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան առկայութիւնը»,- աւելցուցած է ատրպէյճանցի լրագրողը:Արեւմտեան Հայաստանը հերթական անգամ կ’արձանագրէ արցախահայութենէն ծագած պատմութեան կեղծման վկայութիւնները, այստեղ մեղադրելով սեփական իշխանութիւնը կործանարար եւ ռազմատենչ քաղաքականութիւն վարելու մէջ։ Այն քայլերը, զորս կը կատարէ Պաքուի բռնապետը, ոչ այլ բան է, քան հերթական ցեղասպանութեան եւ հայրենազրկման քայլ, տակաւին նախորդ դարու վերջը Պաքուի, Սումկայիթի, Մարաղայի եւ հայաբնակ այլ շրջաններու մէջ ատրպէյճանական եաթաղանը ցեղասպանեց եւ ունեզրկեց բազմաթիւ հայեր։ Փորձ կը կատարուի դարավերջի ցեղասպանութիւնը կրկնել այսօր։