Ախալքալաքի «Քայլեր» վերականգնողական կեդրոնը ստեղծուած է 2022 թուականի Ապրիլին՝ «Mercy Corps»ի եւ Եւրոպական միութեան աջակցութեամբ։ Կեդրոնը կ’առաջարկէ ծառայութիւններ 0-էն 18 տարեկան երեխաներու եւ դեռահասներու համար՝ տարբեր ախտորոշումներով: Կեդրոնին մէջ կ’աշխատին տարբեր մասնագէտներ: Կեդրոնը ներկայիս կը սպասարկէ 35 շահառուի։ Տարբեր պետական եւ համայնքային ծրագիրներու ծիրին մէջ վերականգնողական բուժումները լիովին անվճար են։

«Քայլեր» կեդրոնն աշխոյժ կերպով կը համագործակցի տարբեր կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ՝ Ախալքալաքի քաղաքապետարանին հետ։

Միաժամանակ, վերականգնողական կեդրոնն ունի նաեւ խնդիրներ, որոնցմէ ամէնէն տարածուածը, ըստ Կեդրոնի հիմնադիր Կիորկի Մելիքիծէին, հասարակութեան եւ ծնողներու անգործութիւնն է, որուն պատճառով ալ կեդրոն կը դիմեն շատ ուշ տարիքի, երբ երեխային մօտ արդէն լուրջ խնդիրներ կ’առաջանան։ Յաջորդ խնդիրը մասնագէտներու պակասն է։ Սահմանափակ կարողութիւն ունեցող անձերու համար յարմարեցուած գօտիի բացակայութիւնը նոյնպէս խնդիր է․ կեդրոնը կը գտնուի բնակելի շէնքի երկրորդ յարկը, բան մը,  որ յաճախ կը դժուարացնէ երեխաներու տեղաշարժը։Արեւմտեան Հայաստանը կը հորդորէ հայութեան աջակցիլ վերականգնողական կեդրոնի խնդիրներու լուծման, քանի որ մեզի համար շատ կարեւոր է բնիկ հայերու մնալը հայկական տարածքներուն մէջ, քանի որ անոնք այդ տարածքին մէջ կը պահպանեն մեր մշակոյթն ու աւանդոյթները։