Վանի մէջ տեղացած առատ ձիւնը խոչընդոտներ  ստեղծած է  նահանգի շարք մը շրջաններուն մէջ՝ յատկապէս երթեւեկութեան համար։

Ընդհանուր առմամբ փակուած են 150 բնակավայրերու ճանապարհներ, որմէ 71-ը՝ Պահչէսարայ գաւառին մէջ։ Վանի քաղաքապետարանը գործի դրած է բոլոր ջանքերը փակուած ճանապարհները բանալու համար։ Վերջին տարիներուն Վանի եւ յարակից բնաավայրերուն մէջ տեղումներու նման առատութիւն չէր գրանցուած, հակառակ առաջացրած դժուարութիւններուն, այս դրական կրնայ ազդել բնապահպանական համակարգի վերկանագնման վրայ, քանի որ ջուրի սակաւութենէն Վանայ լիճի բնապահպանական համակրգը լուրջ խնդիրներու առջեւ յայտնուած է։