Հայկական բարձրաւանդակին մէջ ոսկերչութիւնը զարգացած եղած է հնագոյն ժամանակներէն։ Հնագիտական պեղումներէ յայտնաբերուած նիւթական մշակոյթի նմոյշները կը վկայեն, որ տակաւին Ն.Ք. 2-րդ հազարամեակին պատրաստուած են ոսկեայ, արծաթեայ բարձրարուեստ զարդեր ու կենցաղային առարկաներ։ Հայկական բարձրաւանդակի վարպետները տիրապետած են   ոսկեգործութեան բազմապիսի եղանակներու։

Ուրարտական շրջանին՝ Ն․ Ք. 9-7-րդ դարերուն ոսկերչութեան մէջ աւելի լայն կիրառում  գտած  է հատիկազարդման եղանակը։ Կարմիր բլուրի պեղումներէն յայտնաբերուած ոսկեայ ականջօղերը պատրաստուած են հատիկազարդման եղանակով։ Ոսկերչութիւնը բարձր մակարդակի հասած է Արեւմտեան Հայաստանի Կիլիկիոյ մէջ։ Հայկական ոսկերչութեան արուեստի կեդրոններ էին Դուինը, Անին, Կարսը, Վանը, Արտուինը, Արտահանը, Կ․ Պոլիսը, Երզնկան, ինչպէս նաեւ Երևանը, Ալեքսանդրապոլը, Շուշին, Ախալցխան։ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայերու հանդէպ իրականացուած Ցեղասպանութենէն ետք տեղի ունեցած ներգաղթին հետեւանքով, բնակութեան նոր վայրերուն մէջ՝ Ալեքսանդրապոլ, Ախալցխա, Ախալքալաք, ստեղծուած են ոսկերչական հիասքանչ կենցաղային առարկաներ եւ տարատեսակ զարդեր։

Արեւմտեան Հայաստանը, որպէս տարածաշրջանի առեւտրային հզօր խաչմերուկներէն մէկը, զարգացուցած է գրեթէ բոլոր արհեստները։ Իսկ Ցեղասպանութեան տարիներուն թալանուեցան եւ ունեզրկուեցան բնիկ հայերը։