«Հովեր» պետական երգչախումբի հիմնադիր խմբավար, Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի նախագահ   Սոնա Յովհաննիսեան,  «Ազատութիւն» կայանին տուած հարցազրոյցի ընթացքին  նշած  է, որ հայ բանաստեղծ, մատենագիր, երաժիշտ-երգահան Ներսէս Շնորհալիի մահուան 850-րդ տարելիցին առթիւ  «Հովեր» երգչախումբին առաջարկուած է ԵՈւՆԷՍՔՕ-ի մէջ ներկայացնել  համերգային ծրագիր՝ մէկ ժամ տեւողութեամբ։ 

Տասնամեակներ շարունակ «Հովեր» երգչախումբը երաժշտասէրներուն կը փոխանցէ դարերու ընթացքին կուտակուած թէ’ հայ հոգեւոր երգը, թէ’ հայ եւ արեւմտա-եւրոպական լաւագոյն գործեր, ժամանակակից հեղինակներու ստեղծագործութիւններ եւ, ինչպէս կը շեշտէ Սոնա Յովհաննիսեան, «Այն հարստութիւնը, որ մենք ունինք հոգեւոր խմբերգային երաժշտութեան ընդգրկման մէջ, ինչ-որ մասով, փոքրիկ մասով մը, պիտի ներկայացնենք մեր սիրելի ունկնդրին»: